Դպրոցական

Տնօրէնի խօսք

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի անձնակազմին կողմէ բարի եկաք մեր կայքէջը։

1974էն ի վեր, մեր դպրոցը կը յատկանշուի իր մատուցած կրթական ծրագրի որակով, ինչպէս նաեւ իր սերմանած պատկանելիութեան զգացումով, որ զիրար կը կապէ դպրոցի անձնակազմը, աշակերտները,  ծնողները եւ Մոնթրէալի հայ գաղութը։ 

Հպարտ ենք, որ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս ի գործ դրուած աշակերտակեդրոն  մօտեցումներով եւ միջամտութիւններով ոչ միայն կ՚ապահովենք աշակերտներուն դպրոցական յաջողութիւնը, այլ նաեւ կը նպաստենք անոնց նկարագրի եւ անհատականութեան կազմաւորման։ Մեր նպատակն է, որ անոնք մեր դպրոցէն դուրս ալ յաջողութեան տիրանան։ Հետեւաբար, մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ոգեւորութեամբ եւ նուիրումով կը ստեղծեն այնպիսի միջավայր մը, որ կը նպաստէ իւրաքանչիւր աշակերտի կարողականութիւններու զարգացման, որպէսզի անոնք կարենան ծաղկիլ եւ  դիմագրաւել 21րդ դարու մարտահրաւէրները։ 

École québécoise-ի կառավարական կրթական ծրագրի կողքին, մեր վարժարանը նուիրական պարտականութիւնն ունի, Ծաղիկ դասարանէն սկսեալ, աւանդելու՝ հայերէն լեզու, հայկական մշակոյթ եւ հայոց պատմութիւն: Մեզի համար, այս մէկը կարեւոր միջոց մըն է կազմաւորելու մեր երեխաներուն ինքնութիւնը, Քեպէքի բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ։ Մշտապէս երաշխաւորելով մեզի վստահուած աշակերտներուն կրթութիւնն ու ընկերային զարգացումը, կը ստանձնենք յանձնառութիւնը պատրաստելու ապագայի տիպար եւ օրինակելի քաղաքացիներն ու առաջնորդները։ 

Վստահելով իր աշակերտներուն, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն եւ բարեկամներուն նեցուկին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը , համայնքէն ներս կը վայելէ փնտռուած հաստատութեան մը վարկը։ Շնորհիւ ձեր գուրգուրանքին եւ անսակարկ նուիրումին, մենք կրնանք նուաճել նորանոր յաջողութիւններ։ 

Միշտ աւելի բարձր, միշտ աւելի հեռու։ 

Ձեր հետ անձամբ ծանօթանալու յոյսով,

Directrice d'école

Լորի Ապրաքեան
Տնօրէնուհի