Վարքագիծ
Այս տարուան վերամուտին, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ ծնողական
յանձնախումբը ընտրած են արժէքներ, որոնք պիտի ջամբուին ձեր զաւակին
դպրոցէն ներս:
Հաճոյքն ունինք ձեզի հետ բաժնելու սոյն արժէքները եւ մաղթելու յաջող
դպրոցական տարեշրջան մը:
Մեր արժէքները՝
յարգանք, պատասխանատուութիւն, համագործակցութիւն,
յարատեւում
Նախաբան
Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանը վայր մըն է, ուր որդեգրած ենք
յարգանքը, պատասխանատուութիւնը, համագործակցութիւնը եւ յարատեւումը
որպէս դպրոցին արժէքները: Մենք կը ձգտինք ուսումնական գերազանցութեան
անվտանգ ուսուցման եւ հմտութիւններու ձեռքբերման նպաստող միջավայրի մը
մէջ: Մեր հաստատած օրէնքները կը սահմանեն վարքի յստակ
ակնկալիքներ, ինչպէս նաեւ աշակերտին համար ցանկացուած կերպար:
Վարքագիծը կը պարունակէ աստիճանաբար յառաջացող հետեւանքներ, որոնք
երբեմն պարտադիր կրնան դառնալ այն աշակերտներուն պարագային որոնց
վերաբերմունքը չի համընկնիր սահմանուած կանոնին:
Սոյն վարքագիծը կը վերաբերի բոլոր անհատներուն, որոնք կը յաճախեն
Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանը՝ աշակերտ, դպրոցի անձնակազմ, ծնողներ,
կամաւորներ եւ դպրոցի շրջագիծէն ներս (շրջաբակ եւ շէնք) գտնուող
այցելուներ: Ան նաեւ կը կիրարկուի օթօպիւսներուն մէջ, ինչպէս բոլոր
անհատներուն որոնք կը մասնակցին դպրոցին կողմէ թոյլատրուած որեւէ
գործունէութեան կամ որոնք ներգրաւուած են որեւէ հանգամանքի մէջ, ուր
գործունէութեան մասնակցութիւնը անդրադարձ կրնայ ունենալ դպրոցի
մթնոլորտին վրայ:
Դպրոցական համայնքի բոլոր անդամներուն հետ մեր յարաբերութիւնը
հիմնուած է յարգանքի եւ արժանապատուութեան վրայ:
Քաղաքային վարքը կ՛ենթադրէ դպրոցական կեանքին պատշաճ
մասնակցութիւն: Գործունեայ են յանձառու քաղաքացիները իրազեկ են իրենց
իրաւունքներուն, բայց աւելի կարեւոր՝ անոնք կը ստանձնեն
պատասխանատուութիւնը պաշտպանելու իրենց եւ ուրիշներու
իրաւունքները:
Տնօրէնութիւնը կ՛ակնկալէ, որ դպրոցէն ներս բոլոր դերակատարները
հարցերը լուծեն օգտագործելով խաղաղ միջոցներ: Ֆիզիքական
յարձակողականութիւնը, բերանացի նախատանք, ճչալ կամ նուաստացնել ցոյց
կու տան քաղաքային վարքի բացակայութիւն եւ պատասխանատու կերպեր չեն
ուրիշի հետ յարաբերելու: Իւրաքանչիւր անհատ պարտաւոր է յարգելու
ուրիշի կարիքը՝ հմտութեան ձեռքբերման եւ դասաւանդման նպաստաւոր
մթնոլորտի մէջ աշխատելու առնչութեամբ:
Այն անձը, որու ներկայութիւնը դպրոցի յարկէն ներս կ՛ազդէ որեւէ
անհատի անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան ստիպուած է անյապաղ ձգել
դպրոցի տարածքը եւ հեռանալ:
Ծնողները կարեւոր դեր ունին իրենց զաւակներու ուսման մէջ եւ
հետեւաբար կը քաջալերենք զիրենք աջակցելու դպրոցի անձնակազմի
ջանքերուն, որոնք կը միտին պահպանել սորվելու ապահով եւ յարգալից
միջավայր մը բոլոր աշակերտներուն համար: Ծնողները կը կատարեն իրենց
դերը երբ՝
- Անձնապէս կը յարգեն դպրոցի վարքագիծի օրէնքները
- Կը համագործակցին դպրոցին անձնակզմին հետ լուծելու իրենց զաւակին
կարգապահութեան առնչուող հարցերը
- Կ՛օգնեն իրենց զաւակին յարգելու դպրոցի վարքագիծին օրէնքները
- Գործօն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն իրենց զաւկին աշխատանքին են
յառաջացման հանդէպ
- Դպրոցը անյապաղ տեղեակ կը պահեն իրենց զաւկի ուշ ժամանման կամ
բացակայութեան պարագային
- Աչալուրջ են իրենց զաւկի մշտական ներկայութեան եւ
ճշդապահութեան
- Կապ կը պահեն դպրոցին հետ ըստ պահանջի
- Իրենց զաւկի համազգեստները կ՛ապահովեն դպրոցին կողմէ ընտրուած
ընկերութեան մօտ
- Կ՛օժանդակեն իրենց զաւկին յարգելու դպրոցական համազգեստը:
Աշակերտին կերպարը կը նկարագրէ Ս.Յակոբ Ազգային վարժարանի
աշակերտներէն ակնկալուած կարողութիւնները, ճարտարութիւնները եւ վարքը:
Անձնակազմը բոլոր ջանքերը կը համատեղէ աշակերտները առաջնորդելու դէպի
այս նպատակակէտը երկրորդականի աւարտին: Վարքի եւ վերաբերմունքի
ակնկալութիւնները կը նկարագրեն այն կարողութիւններն ու
ճարտարութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են աշակերտին հասնելու ցանկալի
կերպարին որոշ կէտերուն: Սոյն չափանիշներէն շեղումները արգելք կը
հանդիսանան ցանկալի կերպարին նպատակակէտին հասնելու:Կարեւոր է կիրառել
օրէնքները հասնելու կամեցած գերազանցութեան: Տնօրէնութիւնն ու դպրոցի
անձնակազմը աշակերտներուն մօտ պիտի միջամտեն կիրարկելու համապատասխան
հետեւանք քայլերը:
Վարքագիծ
2011-2012