Մեր տուները
Սուրբ Յակոբ երկրորդականի աշակերտներուն մօտ սկիզբ դրուեցաւ
նորութեան մը, որն է ստեղծումը տարբեր Տուներու, որոնց պիտի պատկանին
աշակերտները: Սոյն խորհրդանշական Տուները պիտի ծառայեն հարստացնելու
աշակերտական կեանքը. սոյն Տուները, մէկ կողմէն առիթ պիտի ընծայեն
աշակերտներուն ամբողջապէս ապրելու իրենց կեանքը դպրոցէն ներս, իսկ
միւս կողմէն անոնց առիթ պիտի ընծայեն ղեկավարի պաշտօններ ստանձնելու
կամ խմբական աշխատանքի ոգին զարգացնելու: Տուներու ղեկավարներու
ընտրութիւններէն ետք, Երկրորդական Ե.ի աշակերտները շատ զբաղած պիտի
ըլլան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կազմակերպելով ըլլա՛յ իրենց համար
եւ ըլլա'յ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն համար : Ընտրութիւնները տեղի
պիտի ունենան նաեւ ղեկավար մը ընտրելու երկրորդականի իւրաքանչիւր
դասարանի համար: Մեր Տուներուն մասին լուրերը պիտի ներառենք մեր
կայքէջի լուրերուն մէջ: